2015-05-07 09:06:00

Հայր Բարսեղ Թալաթինեան` 102 տարուայ կեանք մը նուիրուած մերձաւորին։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկեան կրօնաւոր` Հայր Բարսեղ Քերոբ Թալաթինեան ծնած էր Կիլիկիոյ Մարաշ շրջանը։ Անոր ծննդեան թուականը երբեք յստակ չէ եղած թէեւ կնունքի թուականը բացայայտ էր` 10 Փետրուար 1913, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով ծնողքին հետ միասին գաղթի ճամբայ առած էր­, սակայն իր հօրը սպանութեամբ, Հալէպի մէջ, անոր մայրը վճռեց դարձեալ Թուրքիա վերադառնալ, ուր սակայն հիւանդութեան հետեւանքով ինք եւս մահացաւ։

Հայր Բարսեղ Թալաթինեան իր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ միասին ապրեցան Մարաշի ամերիկեան որբանոցը։ Անոր հօրեղբայրներէն մէկը որ Բեթղեհէմի մէջ ֆրանչիսկեան կրօնաւոր մըն էր, կարողացաւ` 1922-ին, զիրենք բերել Բեթղեհէմ ուր Քերոբ կարողացաւ կօշկակարի արհեստին տիրանալ։ Եղբայր Բարսեղ ապա անդամակցեցաւ Ֆրանչիսկեաններու միաբանութեան եւ 1931-ին  կատարեց կրօնաւորի առաջին ուխտերը։ Անոր ուսուցիչները տեսնելով անոր մտաւորական կարողութիւնները պարտադրեցին որ շարունակէ իր ուսումը եւ 1942-ին դարձաւ տոքթոր կանոնագիտութեան։ Ան թէեւ իր ուսումը կատարեց լատին եկեղեցւոյ մէջ, սակայն հաւատարիմ մնաց իր հայութեան ու ազգին։

Հայրէն լեզուի հետ միասին Ան տիրացաւ իտալերէն, արաբերէն, լատիներէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն։ 1938-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ Հռոմի մէջ։

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք Պաղեստին  վերադարձաւ։ Հմուտ ըլլալով Արեւելեան Եկեղեցիներու, Հռոմ ղրկուեցաւ մասնակցելու Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի, որպէս  խորհրդատու։ Հայր Բարսեղ Թալաթինեան երկու անգամ նշանակուեցաւ Ս. Երկրի Պահակի Տեղապահ։ Շուրջ 30 տարիներ դասաւանդեց կանոնագիտութիւնը Երուսաղէմի մէջ։ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը զինք նշանակեց փաստարկու երկու սուրբերու դատերու, անոնցմէ մէկը ֆրանչիսկեան Սալվատորէ Լիլին էր ու անոր (հայ) ընկերները` նահատակուած Սուրիոյ մէջ։ Հայր Բարսեղ Թալաթինեան կեանքին վերջին տարիները անցուց ֆրանչիսկեաններու դարմանատան մէջ։ Երբ Երուսաղէմի Թորգոմ Պատրիարքը վերոյիշեալ դարմանատունը փոխադրուեցաւ, ուր ապրեցաւ իր կեանքին վերջին օրերը, Հայր Բարսեղ ամէն օր իր ականջին կ՛արտասանէր հայրէն լեզուով սաղմոսներ։ Իր կեանքին մինչեւ վերջին պահը մնաց լուսամիտ, մոմի մը նման մաշեցաւ եւ հուսկ մարեցաւ։ Մահամերձի անկողինին վրայ երբ եղբայրակից մը եկած էր գիշերով հսկելու իր վրայ ան ուժն ունեցաւ փսփսալու ‘'գնա ու գնացիր''. Հայր Բարսեղ պատրաստ էր մեկնելու դէպի Հայրը.

Հայր Բարսեղ Թալաթինեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 31 Մարտ 2015-ին Երուսաղէմի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին, որպէս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ` Հայր Ներսէս վրդ Սաքայեան եւ Պարոն Ալէք Ճոլոյեան։

 

Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.